Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը հակաիսրայելական հայտարարություններ է արել և նույնիսկ սպառնացել ներխուժել Իսրայելի տարածք՝ գրում է The Jerusalem Post-ը։ «Ինչպես մենք մտանք Ղարաբաղ և Լիբիա, նույնը կանենք Իսրայելի հետ»,- հայտարարել է Էրդողանը կուսակցական հանդիպման ժամանակ:               
 

«Մենք մեզ աւելի լաւ ճանչցանք»

«Մենք մեզ աւելի լաւ ճանչցանք»
27.07.2024 | 16:16
Էլիզա Քերոբեանը եւ Էլեանորա Զագարեանը Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Ֆակուլտետի ուսանողներ են։ 2023-2024 տարեշրջանին՝անոնք մասնակցեցան «Արաբագիտութեան» կրթական ծրագրի Քուէյթի պետական համալսարանի մէջ։ Այս ծրագիրը կը՚նդգրկէ Արաբերէն դասական լեզուի եւ գրականութեան ուսուցմունք՝ նաեւ Արաբական մշակութային արժէքներու ծանօթացում, օտար ուսանողներու համար։ Արդէն մօտաւորապէս տասը ամիսէ աւելի անոնք կը գտնուին Քուէյթ եւ դասընթացքները ամբողջացնելով պիտի վերադառնան Հայաստան։ Ինչ խօսք՝ որ անոնք կարօտացած են իրենց տունը՝իր ամբողջական հասկացողութեանը մէջէն։
Այս տասը ամիսները երկու երիտասարդ եւ ուսումնատենչ երիտասարդներուն համար եղած է ոչ միայն կրթական-ակադեմական այլ նոյնքան կեանքի դպրոց։ Անոնք սորված եւ ապրած են հասկնալու եւ հաղորդակցելու համար «ուրիշ»ը եւ «ուիշ»ին հետ՝ որ հայ չէ։ Բայց նոյնքան նաեւ հայուն՝իր սփիւռքեան իրականութեանը մէջ։
Էլիզան եւ Էլեանորան աշխուժ մասնակցութիւն բերին Քուէյթահայ եկեղեցական-մշակութային եւ միութենական կեանքի մէջ։ Անոնք ամէն ուրբաթ ներկայ էին հայ եկեղեցիի պատարագին եւ երգչախումբի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Կարծէք ամէն մէկ վարկեանը իրենց կեանքը Քուէյթի մէջ՝անոնք կուզէին ապրիլ լեցուն եւ ամբողջական։ Իսկ լեցուն եւ ամբողջական իրենց կեանքը՞ Քուէյթի մէջ...։
« Քուէյթի մէջ այս տասը ամիսներու ընթացքին մենք ապրեցանք եւ սորվեցանք թէ ով՞ է «ուրիշը» որ տարբեր մշակոյթ եւ լեզու է՝բայց նաեւ լաւ հասկցանք թէ ով՞ եւ ինչպէս՞ է սփիւռքահայուն կեանքը։ Այս ընելով մենք մեզ աւելի լաւ ճանչցանք»։ Էլիզային եւ Էլեանորայի վկայութիւնն է այս...։ Տասը ամիսներու իրենց Քուէյթի կեանքի վկայութիւնը։
Եւ ուզեցի փոխանցել մեր երկու երիտասարդ ուսանողներուն իմ քաջալերական խօսքը։ « Ձեր այս փորձառութիւնը բաժնեկցեցէք եւ պատմեցէք Հայաստան։ Անհրաժեշտ է որ ձեր փորձառութիւնը վերածէք ապրող կեանքերու՝ որպէսզի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութինները աւելիով աշխուժանայ եւ ջերմանայ»։
Էլիզա եւ Էլեանորա Երեւանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը ամբողջացնելու իրենց Պսակաւոր Արուեստից կրթական ծրագիրը։ Անոնք ուսումնատենչ հայ երիտասարդներ են որոնք կուզեն աւելիին ձգտիլ եւ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը Մագիստրոսի վկայականներու համար՝ քաղաքական գիտութիւն թէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։
Եթէ յաջողութիւն մաղթեցինք մեր երկու երիտասարդուհիներուն՝բայց բաւականացանք ըսելով, «ցտեսութիւն»։ Անոնք պիտի վերադառնան տուն՝Հայաստան։ Եւ Հայաստանը՝հայը միացնող օղակն է: Աշխարհով մէկտեղ ապրող հայը։
Միացնող, ջերմացնող եւ անպայամնօրէն ապրեցնող օղակը:
Հայաստան:
Քուէյթ Յուլիս 27, 2024
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 1161

Մեկնաբանություններ